Skip to content

Western Armenian


Արևմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ

Վերջին տարիներուն, Արևմտեան Ամերիկայի հայ եկեղեցական, քաղաքական և հասարակական կառոյցներու ղեկավարութիւնը, իրականցուցած է հեզասահ և առողջ համագործակցութեան միջավայր մը, եւ միասնական ոգիով ծրագրած է ու գործած, դիմագրաւելով հայ համայնքին վերաբերող տարատեսակ մարտահրաւէրներ:

Այս գործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն հանդիսացած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման համագաղութային ճիգերն ու միջոցառումները, որոնց կազմակերպական աշխատանքներուն ընթացքին արձանագրուած են համագործակցութեան եզակի ու յաջող պատմական հանգրուաններ:

Հարիւրամեակի աշխատանքներուն զուգահեռ ու անոնցմէ ետք, զանազան առիթներով և մասնակի յանձնարարութիւններով ստեղծուած գործադիր յանձնախումբեր եւս, ողջունելի աւանդ մը ստեղծած են, ապացուցելով համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Բացայայտ իրողութիւն է, որ օրէ օր քանակականօրէն կ‘աճի Արևմտեան Ամերիկայի հայութիւնը, և որակականօրէն կը զարգանայ հայ համայնքի հաւաքական կարողականութիւնը: Այս իրողութեան առընթեր, բնականաբար կը բազմապատկուի հայ համայնքի հաւաքական շահերը պաշտպանելու և անոր հաւաքական դիմագիծը արտայայտելու կարեւորութիւնը:

Հետեւաբար, մինչև օրս վերոյիշեալ հաւաքական աշխատանքի յաջող ու դրական արդիւնքներէն քաջալերուած, ինչպէս նաև՝ հայրենիքէն ներս թէ դուրս ազգային միասնութիւն յառաջացնելու հրամայականի թելադրութենէն մղուած, եւ հայութեան ուժի հաւաքագրումը  նկատելով անհրաժեշտ, Արևմտեան Ամերիկայի տարածքին գործող և գործակցութեան աւանդ ստեղծած ստորագրեալ կառոյցները համախմբուելով, որոշեցին կազմել համայնքի հաւաքական շահերը հետապնդելու ձգտող և միասնական ճիգերը համադրող ղեկավար խորհուրդ մը, որպէսզի հիմքը դրուի ապագայի գործակցութեան նոր էջի մը:

Խորհուրդը կը կոչուի Արևմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ (Pan-Armenian Council of Western USA).

Խորհուրդին անդամ դառնալու կը հրաւիրուին համայնքի այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին մաս կազմել այս հաւաքական ճիգին, և իւրաքանչիւրը ունի նուազագոյնը 300 գործօն անդամ։

Խորհրդակցական բնոյթ ունեցող այս խորհուրդին որոշումները պարտադիր չեն անոր անդամ կազմակերպութեանց։ Ուստի, անոր գոյութիւնը մասնակից կազմակերպութեանց գործունէութեան վրայ ոեւէ իշխանութիւն չունի։

Խորհուրդը կ‘առաջնորդուի առաւելագոյն մասնակցութիւն ապահովելու սկզբունքով և միշտ կը պահպանէ համախոհութիւն յառաջացնելու սկզբունքը: Առաւել ևս, ստորագրեալ կառոյցները յանձնառու են գործել իրար հանդէպ փոխադարձ յարգանքի և փոխզիջման հասկացողութեամբ:

Խորհուրդի առաքելութիւնն է`

  • Համա-համայնքային բնոյթի աշխատանքներ ծրագրել և համադրել:
  • Հայութեան հաւաքական շահերն ու համայնքի հայութեան իրաւունքները յառաջ տանող աշխատանքներ քաջալերել:
  • Նախաձեռնել քայլեր ընդդէմ հայկական հաւաքական շահերուն և իրաւունքներուն սպառնացող միտումներու:
  • Առաւելագոյն չափով հաւաքագրել համայնքի հայութեան ներուժը, ներառելով համայնքի բոլոր հայկական ուժերը, յանուն համայնքի բարօրութեան ու Հայաստանի և Արցախի զարգացման:
  • Միշտ հետամուտ ըլլալ համայնքային կեանքի առողջ պահպանման:

Խորհուրդի աշխատանքներուն պարբերաբար կը հրաւիրուին համայնքէն ներս գործօն և ազդեցիկ ներկայութիւն ունեցող ազգայիններ, որոնք իրենց մասնագիտական թէ այլ առաւելութիւնները, պատրաստ կ‘ըլլան ի սպաս դնելու վերոյիշեալ աշխատանքներուն և նպատակներուն յաջողութեան համար:

Խորհուրդի անդամ չհանդիսացող կազմակերպութիւններ կամ անհատ հայորդիներ եւս վերոյիշեալ հաւաքական ճիգէն անմասն չի ձգելու նպատակով, տարին առնուազն մէկ անգամ կամ աւելի (ըստ կարիքի և յարմարութեան) ու նախապէս որոշուած օրակարգով, Խորհուրդը կը նախաձեռնէ հաւաք-համագումարներու, որոնց կը հրաւիրուի համայնքի հայութիւնը, հաւաքական ծրագիրներու և նիւթերու ուղղութեամբ իր կարծիքները լսելի դարձնելու և իր ներդրումը բերելու:

Հիմնուելով վերոյիշեալ տրամաբանութեան, տեսլականին, և նպատակ-ներուն վրայ, Արևմտեան Ամերիկայի հայ ազգային և համայնքային իրականութեան մէջ, այսու կը յայտարարենք գործակցութեան և միասնութեան նոր էջի մը մեկնարկը: